2014-06-14 09:08:34

Եպսիկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար` Կարտինալ Պալտիսէրրին կ՛անդրադառնայ ''Ընտանիքի'' սիւնհոդոսի մասին։


Լիզպոնի մէջ ունեցած զեկոյցի մը ընթացքին, Կարտինալ Լորէնցօ Պալտիսսէրրին` Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարը, երկարօրէն անդրադարձաւ յառաջիկայ հոկտեմբերին գումարուելիք` ''Ընտանիքի'' հովութեան մասին սիւնհոդոսի նիւթերուն, որոնց շարքին` խառն ամուսնութիւնները, միածնողք ընտանիքները, բազմակնութիւնը, բազմամուսնութիւնը, կազմակերպուած ամուսնութիւնները, յարաբերութիւններու անկայունութիւնը, գաղթականութեան երեւոյթը եւ ընտանիքի հայեցակարգին վերատեսութիւնը, նոյն սեռի պատկանող անձերու միջեւ միութիւնները ու անոնց զաւակ որդեգրելու իրաւունքը, ընկերային հաղորդամիջոցնեու ազդեցութիւնը ժողովրդային մշակոյթին վրայ, ամուսնութեան ու ընտանեկան կեանքի ըմբռնումի առընչութեամբ, մարդկային իրաւունքի նորաձեւ մեկնաբանութիւնները ու յատկապէս, եկեղեցական կեանքէն ներս, հաւատքէն, ամուսնութեան ու ապաշխարութեան խորհուրդներէն հարաժարումի հարցը։
Կարտինալ Պալտիսսէրրին յայտնեց թէ 5 – 19 հոկտեմբր գումարուելիք արտակարգ սիւնհոդոսի նպատակն է վերոյիշեալ նիւթերու ու այլ նիւթերու մասին, զրուցել ու քաղել եպիսկոպոսներու փորձառութիւնները ու յետագային, 2015-ին գումարուելիք սովորական սիւնհոդոսի աշխատանքը պիտի կեդրոնանայ գործնական առաջադրանքներ ներկայացնելու մէջ, ընտանիքի հովութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.